2012-08-10 12:42:17

12 Հազար Երիտասարդներ Հունգարիոյ Մէջ Կը Պատրաստուին <> Երիտասարդական Փառատօնին։


Հունգարիոյ մայրաքաղաք Պուտաբեշտի մէջ աշխարհի զանազան վայրերէն 12 հազար երիտասարդներ, որ եղբայրութեան գաղափարականը կը կիսեն, կը պատրաստուին մասնակցելու Պուտաբեշտի մէջ կայանալիք <> անուան երիտասարդական փառատօնին։
Վերոյիշեալ փառատօնի ընթացքին մասնակիցները առիթը պիտի ունենան փոխանակելու փորձառութիւններ զանազան ասպարէզներու մէջ, ըլլան անոնք տնտեսական, հասարակական, գեղարուեստի եւ կամ միջմշակութային։
Փառատօնի նպատակն է ուրիշներու հետ կամուրջներ կառուցել գերազանցելու համար բաժանմունքներ ստեղծող պատնէշները. Երիտասարդները պիտի շօշափեն այժմէականութեան նիւթեր ինչպէս` միութիւն, եղբայրութիւն, պատերազմներու եւ բնական աղէտներու հետեւանքով մարդասիրական օժանդակիւն, եւայլն։
<> անուան երիտասարդական փառատօնը, որ ինչպէս նշեցինք կազմակերպուած է Հունգարիոյ մայրաքաղաք Պուտաբեշտի մէջ, սկիզբ կ՛առնէ 31 օգոստոսին եւ վերջ կը գտնէ 2 սեպտեմբերին։
Փառատօնի ընթացքին պիտի ներկայացուի նաեւ ֆոգոլարիներու շարժումի նախաձեռնութեամբ պատրաստուած <> ծրագիրը, որուն նպատակն է <եղբայրութեան>> գաղափարականը յառաջացնել ըլլայ անհատական ըլլայ հաւաքական եւ ըլլայ ազգային գետնի վրայ։








All the contents on this site are copyrighted ©.